ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այս շաբաթ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնը, որ անցեալ տարի խափանարարական յարձակումի թիրախ դարձած էր:
Ան դատապարտեց ատելութեան հիման վրայ յարձակումը եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ արդէն իսկ վերաշինութեան աշխատանքները կ՛իրականացուին:
Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մեթ Սենեքերմեանի եւ անդամներ Ռաքսեն Մաքասճեանի եւ Խաչիկ Թազեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Փոթանթինօ քննեց յարձակումին եւ անոր հետապնդումներուն ծալքերը եւ նշուեցաւ, որ Հայ կեդրոնը կենսական վայր մըն է համայնքին համար, որովհետեւ հոն կան Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի եւ այլ կազմակերպութիւններու գրասենեակները:
Յիշեցնենք, որ անյայտ անձ մը կամ անձեր 17 Սեպտեմբեր 2020ի կանուխ ժամերուն հրդեհ յառաջացուցած էին Հայ կեդրոնին մէջ, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով կառոյցին: Աւելի կանուխ, յարձակում մը տեղի ունեցած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վրայ։ Նշեալները մաս կը կազմէին Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական Սփիւռքի տարբեր համայնքներու վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ համակարգուած յարձակումներու շարքին:
Ծերակուտական Փորթանթինօ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի վերածուած Տէյվիտսըն լերան խաչը եւ քաղաքին մէջ գտնուող Լինքընի արձանը այցելեց: Այս վերջինը գործն է ամերիկահայ Հայկ Փաթիկեանին, որուն այլ ստեղծագործութիւնները կը գտնուին Սպիտակ տան, Քոնկրեսի շէնքին եւ շարք մը այլ վայրերու մէջ:
Մաքասճեան Հայ Դատի յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականին՝ իր ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար: