ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ղոսթայի մէջ, Հինգշաբթի օր ջախջախուեցաւ «Օփըն Սքայ» ընկերութեան պատկանող «Սեսնա» տեսակի քաղաքացիական փոքր օդանաւ մը, պատճառելով երեք զոհեր` օդաչուն` Ճորճ Շիրիքճեան եւ Ժոէլ Մուսա ու Ժատ Մուսա:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը, եւ արկածին շուրջ բացուեցաւ հետաքննութիւն: Ըստ նախնական տուեալներուն՝ օդանաւը ջախջախուեցաւ խանգարումի մը եւ խիտ մշուշին պատճառով լեռներուն բախելով: