ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Ուրբաթ, 11 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան նուիրուած առցանց քննարկում մը:
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ դոկտ․ Արման Ս․ Եղիազարեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի Սփիռքագիտութեան ամպիոնի վարիչն է։
Քննարկումին «Զում»ով մասնակցելու համար օգտագործել հետեւեալ տուեալները՝
Meeting ID: 864 7185 3213
Passcode: 406800:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 679-5677 թիւին։