ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք»․- Մարտինի Տերիք գաւառին մէջ ապրող միակ քրիստոնեայ հայը՝ Զաքարիա Սապունճու (64 տարեկան), Սուրբ Յարութեան տօնը նշեց իր իսլամ դրացիներուն հետ։ Զատիկի տօնին առիթով, Սապունճու հնչեցուց 317ամեայ պատմութիւն ունեցող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ զանգերը։ Սապունճու նաեւ այնտեղ մոմ վառեց եւ աղօթեց, կը գրէ «Հապերթիւրք»ը։
Ըստ նոյն ղբիւրին՝ Տերիք ծնած Սապունճու շուրջ 40 տարի առաջ տեղափոխուած էր Պոլիս, սակայն 8 տարի առաջ վերադարձած է Տերիք գաւառը՝ Պոլիս ձգելով իր ընտանիքը։
«Ես Տերիքի հայերէն եմ։ Համաճարակին պատճառով չկրցայ Պոլիս երթալ՝ այս տօնը նշելու համար։ Պահքէն ետք եկեղեցի այցելեցի։ Անցեալ տարի բոլորովին առանձին նշեցի այս տօնը, իսկ այս անգամ համերկրացիներս զիս մինակ չձգեցին։ Անոնց նրբանկատութիւնը յուզեց զիս։ Անոնք ինծի միացան եկեղեցւոյ մէջ։ Միասին աղօթեցինք։ Իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ համերկրացիներուս», յայտնեց Զաքարիա Սապունճու։