ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին, մեծ եղաւ յունահայութեան արձագանգը «Մենք ենք մեր սահմանները, բոլորս Արցախին համար» կարգախօսով Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հանգանակութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ աւելի քան 350,000 եուրոյի հասնող նուիրատուութիւններ ապահովել Արցախի մարտնչող ժողովուրդին համար։
Հաւաքուած գումարով կարելի եղաւ Արցախին նուիրել «Hyundai County» ապրանքանիշով տասը հանրակառքեր, որոնցմ իւրաքանչիւրը կրնայ փոխադրել 22 անձեր։ Ինքնաշարժներուն հատը 43,000 տոլար է։
Անոնցմէ երեքը պիտի գործեն Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մնացեալները պիտի ապահովեն միջքաղաքային եւ միջգիւղական երթուղիներու իրականացումը։