ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, 17 Մարտին, բացումը կատարուեցաւ Մաքօ Խաչատրեանի եւ Վահան Ռումէլեանի ստեղծագործութիւներու ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 23 Ապրիլ։
«Շարժուն բանաստեղծութիւն» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց է միայն կանխաւ ժամադրութեամբ։ Փափաքողները կրնան այցելել կայքէջը։
Ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 4: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։