ՄՈՍԿՈՒԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «ՌԻԱ Նովոսթի», «Ահվալ».- Ռուսիա չափազանց մտահոգ է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սարքաւորումներու տեղափոխումով եւ Սուրիոյ Ռաքքա նահանգին մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու աշխատանքներով, յայտարարեց Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի պետ, փոխծովակալ Ալեքսանտր Քարփով:

«Այս գործողութիւնները կը խախտեն ներկայ իրավիճակը եւ կը խարխլեն երկու կողմերուն ջանքերը՝ սուրիական տագնապի լուծման գործին մէջ», ըսաւ Քարփով:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան աշխատանքները դժուարութեամբ կ՛ընթանան, սակայն Քրեմլինը այլընտրանք չի տեսներ:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա Սուրիոյ հարցին մէջ տարակարծութիւններ ունին, սակայն այնտեղ գործակցութիւնը կը շարունակուի:
«Իրավիճակը այն շրջաններուն մէջ, ուր կ՛իրականացուի փոխադարձ գործակցութիւնը, բաւական բարդ կը մնայ. այնտեղ կը շարունակեն մնալ ահաբեկչական տարրեր, ինչ որ կը խանգարէ կացութեան կարգաւորման», շեշտեց Փեսքով:
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ըսաւ, որ «լուրջ մտահոգութիւններ» ունի դաշինքի անդամ Թուրքիոյ գործողութիւններուն վերաբերեալ, ան սակայն աւելցուց, որ դաշինքը Անգարայի երաբերողծ վէճերը լուծելու համար կարեւոր հարթակ կը մնայ :
«Բլորս գիտենք, որ կան լուրջ տարակարծութիւններ` Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջաններէն սկսած, մինչեւ Ռուսիայէն հակաօդային պաշտպանութեան «Էս-400» համակարգեր գնելը եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական իրաւունքներու ոտնակոխումները», նշեց Սթոլթենպերկ: