ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանին եւ նահանգապետ Կեըւն Նիւսըմի այն որոշումները, որոնք կը վերաբերին Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեամբ ամբաստանուող Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու որոշումին չընդդիմանալուն՝ պնդելով, որ նման քայլ մը «խորապէս կը վիրաւորէ թուրք ազգի պատիւը»:
Որոշումը քննադատեց նաեւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, իր «հիասթափութիւնը յայտնելով Համբիկ Սասունեանին ներում շնորհելու որոշման վերաբերեալ», պնդելով, որ որեւէ դիւանագէտի վրայ յարձակումը ծանր յանցագործութիւն է։