ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիացի վարձկանները պէտք է հեռանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու սահմաններուն մօտ անոնց գործունէութիւնը ՀԱՊԿի համար վտանգներ կը պարունակէ։ Այս մասին առցանց ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
«Մենք ունենք տեղեկութիւն այս մասին, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կան Սուրիայէն վարձկաններ, որոնք գործողութիւններ կը կատարեն: Սուրիացի իւրաքանչիւր վարձկան, զինեալ պէտք է հեռանայ այդ տարածքէն, դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ զինեալներու խումբեր, ջոկատներ, ապօրինի զինուած միաւորներ կազմելը ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու սահմաններու անմիջական մերձակայքը իսկական վտանգ է մեր հաւաքական անվտանգութեան համար», ըսաւ Զաս: