ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ ներկայացուց վերարտադրողական օժանդակ արհեստագիտութեան կիրարկման միջոցով անպտղութեան բուժման ծրագիրի արդիւնքներուն վերաբերեալ: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ 2014 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով արձանագրուած է ծնունդներու թիւի աճ` նախորդ տարուան հետ բաղդատած։
Հաւաքագրուած տուեալներուն համաձայն (վիճակագրութեան մէջ ներառուած չեն Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած անձերու ծննդաբերութիւններու թիւը)` նախորդ տարի Հայաստանի մէջ արձանագրուած են 36,289 ծնունդներ, ինչ որ 211ով աւելի է 2019ին արձանագրուած ծնունդներէն։
Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս ծրագիրին մէջ ներառուած են 2 եւ աւելի տարի անպտղութիւն ունեցող անզաւակ զինուորները, սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները, ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ ընդգրկուած 30.01 եւ աւելի բարձր անապահովութեան միաւոր ունեցող նպաստառուները, հաշմանդամութիւն ունեցողները, զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ աւարտէն ետք ծառայութեան պայմաններուն մէջ զոհուած որդիներու ծնողները:
31 Դեկտեմբեր 2020ի դրութեամբ, պետական պատուէրի ծիրին մէջ վերարտադրողական օժանդակ միջոցներու կիրառումով անպտղութեան բուժման իբրեւ արդիւնք ծնած են 49 երեխաներ: