ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 18 Դեկտեմբերին ՄԱԿի Ցեղային խտրականութեան ջնջումի յանձնախումբին յանձնուեցաւ մանրամասն թղթածրար մը, որուն մէջ փաստացի տեղեկութիւններ արձանագրուած են Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան մասին։
Թղթածրարը (https://armenianbar.org/category/artsakh) յանձնուեցաւ Ցեղային խտրականութեան ջնջումի միջազգային դաշինքը ստորագրած Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու աշխատանքներուն ծիրին մէջ։
40 էջնոց տեղեկագիրին պատրաստութիւնը իրականացաւ զանազան երկիրներէ իրաւագէտներու եւ իրաւագիտական ճիւղի ուսանողներու համագործակցութեամբ, առաջնորդութեամբ՝ Հայ իրաւաբանական միութեան անդամներ Անուշ Պաղտասարեանի եւ Ելենա Համբարձումեանի։
Տասնամեակներու վրայ երկարող Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան ծալքերը մանրամասնող տեղեկագիրը կը հասնի այն եզրակացութեան, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ անտեսել կացութիւնը սրբագրելու պահանջները, պետական բարձրագոյն մակարդակին հասցնելով խտրական քաղաքականութիւնը, ատելութեան խօսքերը եւ հակահայ հրահրումները ու վերջաւորութեան կը պահանջէ, որ ՄԱԿի Ցեղային խտրականութեան ջնջումի յանձնախումբը կտրուկ քայլերու դիմէ՝ պարտադրելու համար Պաքուին՝ սրբագրել իր ընթացքը։