ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ Նիւ Եորքէն սկսած, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստում ստացողներէն առաջիններէն մէկը հանդիսացաւ Փոքրիկ Հայաստանի «Քայզրր» հիւանդանոցի հիւանդապահներէն մէկը:
Պատուաստներուն առաքումները արդէն իսկ հասած են երկրին գրեթէ բոլոր շրջանները, մինչ «Մոտերնա» պատուաստին առաքումները կը պատրաստուին։
Նշենք, որ «Ֆայզըր» եւ «Պայոնթեք» ընկերութիւններուն պատուաստները ձրիաբար կը տրամադրուին:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին 22,422 նոր վարակումներ եւ 138 նոր մահեր արձանագրուեցան Չորեքշաբթի օր, վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 566,005ի, իսկ մահերունը՝ 8568ի: Հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին 4656 վարակակիրներ:
Քալիֆորնիա ունի 1,714,939 վարարակիրներ եւ 21,883 մահեր, իսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կան առաւել քան 17 միլիոն վարակակիր եւ արձանագրուած են մօտաւորապէս 315,000 զոհեր։
Վարակակիրներու թիւով, Հնդկաստան, Պրազիլ, Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Թուրքիա կը գրաւեն 2-6 դիրքերը։
Տնտեսական գետնի վրայ, համաճարակին տարածման պարտադրած սահմանափակումներուն հետեւանքով նախորդ շաբթուան ընթացքին դարձեալ 1.3 միլիոն ամերիկացիներ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմումներ կատարեցին, մինչ Քոնկրեսը կը շարունակէ քննել քաղաքացիներուն եւ գործատէրներուն աջակցելու ծրարը։