ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ակնարկելով Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ատիլ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ ռուս խաղաղապահները իրաւունք չունին Արցախի քարտէսը փոխելու՝ շեշտեց, որ զինք ապշեցուցած է յատկապէս անոր «պաշտպանելու իրաւունք չունին» արտայայտութիւնը:
«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ բոլոր յայտարարութիւնները պէտք է ուղղուած ըլլան գլխաւոր նպատակին հասնելուն, գլխաւոր հարցի լուծման՝ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ ամբողջական լուծման», ըսաւ Զախարովա:
Ըստ անոր՝ կարեւոր եւ բարդ աշխատանք կատարուած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր բառ պէտք է կշռադատել:
«Ինչ կը վերաբերի մանրամասնութիւններուն, մենք երկխօսութիւն կը վարենք թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ, բոլոր այն խողովակներով, որոնք գոյութիւն ունին», ըսաւ Զախարովա:
Ան յայտնեց, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը, Կարմիր Խաչը, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կառոյցներ, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ Արցախի մէջ իրավիճակի լայն ձեւաչափով կարգաւորման մէջ, այս փուլին հետագայ քայլերը կ՛որոշեն:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներուն՝ շրջանը կատարած այցելութեան եւ ռուս համանախագահին բացակայութեան՝ Զախարովա բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Ատրպէյճանի մէջ ռուսական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը, իսկ Հայաստանի մէջ՝ ժամանակաւոր հաւատարմատար Ալեքսէյ Աինիկուպով: Ըստ Զախարովայի՝ այդպէս որոշուած էր նախապէս: