ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 28-29 Հոկտեմբերին, Պելճիքայի խորհրդարանի պատգամաւոր Ճորճ Տալեման եւ խումբ մը պելճիքացի լրագրողներ այցելեցին Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւնները: Պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Պետրոս Պետրոսեան: Ճորճ Տալեման առաջին եւրոպացի պատգամաւորներէն է, որ այցելեց Արցախ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմէն ետք։
Այցելութեան ընթացքին պելճիքացի պատգամաւորը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի հետ: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ճորճ Տալեման ըսաւ հետեւեալը. «Ես ինծի հետ Արցախ բերած եմ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի անդամներու, ինչպէս նաեւ պելճիքացի բազմաթիւ գործընկերներու աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արցախը հերոսաբար կը պաշտպանուի ատրպէյճանական բանակի յառձակումներէն, որուն կ՛աջակցին վարձկաններ, ժիհատականներ եւ Թուրքիոյ Էրտողանի վարչակարգը: Վերջինները մեր երկու ժողովրդավար երկիրներուն համար ընդհանուր թշնամիներ են: Եւրոպան պէտք է ամէն ինչ ընէ հայերուն դէմ ջարդերն ու ռազմական յանցագործութիւնները դադրեցնելու համար»:
Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումները եւ Թուրքիոյ ու միջազգային ահաբեկիչներու ներգրաւածութիւնը պատերազմին մէջ: