ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 14 Հոկտեմբերին, պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Թրամփի վարչակազմը ի՞նչ քայլերու դիմած է Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ բախումներուն գծով՝ ըսաւ․ «Այսօր խօսեցայ նախագահ Թրամփի հետ եւ կը հետեւինք տեղւոյն իրադարձութիւններուն: Մենք միացած ենք մեր եւրոպացի գործընկերներուն եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն՝ ըսելով, որ հրադադարը պետք է ըլլայ հարցին լուծման սկիզբը: Մենք կը հետեւինք նաեւ քաղաքացիական զոհերու մասին տեղեկություններուն: Կը հետեւինք Թուրքիոյ, որ կը զինէ Ատրպէյճանին՝ նկատի չառնելով բոլոր միջազգային դերակատարներուն կոչերը՝ չսրելու այս խառնաշփոթը ու դուրս գալ տարածաշրջանէն: Մենք կ՛օգտագործենք մեր դիւանագիտական ջանքերը՝ հրադադարի հասնելու եւ հասնելու համար լուծումի, որ հիմնուած պիտի ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ: Մենք մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք անոր: Կը կարծեմ, որ մինչեւ այսօր մեր ներդրած ջանքերը առիթ պիտի տան, որ այդ բոլորը տեղի ունենան»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.