Ա.Պ.
Արցախեան պատերազմի սկզբնաւորութենէն ի վեր, արդէն տասնմէկերորդ օրն է որ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ յատկապէս հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր համայնքը մրջնաբոյնի ժրաջանութեամբ կ՛աշխատի՝ իրեն բաժին ինկած համազգային պատասխանատուութեամբ զօրակցելու մեր հերոսական բանակներուն եւ ամրապնդելու պատերազմական ճակատին վրայ դիւցազնաբար մարտնչողներու թիկունքը, թէկուզ գտնուելով այդ ճակատներէն հազարաւոր մղոններ հեռաւորութեան վրայ:
Ահաւասիկ, տասնմէկ օր է արդէն որ մեր հայրենիքին դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական պատերազմը կը շարունակուի եւ մեր համայնքը, առանց բացառութեան, ամէն օր իր ըսելիքը ունեցաւ, ընելիքը ունեցաւ եւ դեռ պիտի շարունակէ ունենալ՝ այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդին պարտադրուած այս պատերազմը չէ աւարտած:
Այնտեղ էին մեր համայնքի հազարաւոր զաւակները՝ իրենց բողոքի ձայնը հասցնելու CNN-ի եւ LA TIMES-ի պատասխանատուներուն՝ մեր հայրենիքին դէմ սանձազերծուած յարձակումները լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ պարտկելու անոնց վարքագիծը դատապարտելու համար: Բազմահազար շարքերով այնտեղ էին մեր համայնքի զաւակները՝ իրենց դատապարտանքի եւ բողոքի ձայնը հասցնելու Ատրպէյճանի հիւպատոսին:
Բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ այնտեղ էր մեր համայնքը, մէկէ աւելի անգամներ, Կլենտէյլի եւ այլ քաղաքներու մէջ, մոմավառութեամբ հսկումի ձեռնարկներով դարձեալ իր զօրակցութիւնը յայտնելու մեր հայրենի ժողովուրդին եւ պետականութիւններուն: Այնտեղ էր նաեւ մեր համայնքը՝ բողոքի եւ ընդվզումի քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերով, բազմաթիւ անգամներ ինքնաշարժներու շարասիւներով ժամերով փակելով Լոս Անճելըս գաւառի ազատուղիներէն մի քանին՝ անդամալուծելով միջքաղաքային երթեւեկը: Ինքնաշարժներու շարասիւներով դարձեալ այնտեղ էին մեր համայնքի անդամները, որոնք ճամբայ ելան դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ իրենց բողոքի ձայնը հասցնելու մինչեւ Սպիտակ տուն:
Անցնող օրերուն եռուն էր նաեւ մեր համայնքը վարակիչ ուժգնութեամբ՝ ամէնուրեք ձեռնարկուող դրամահաւաքի աշխատանքներով: Տուներու, խանութներու, գործատեղիներու, գրասենեակներու եւ առցանց վարժարաններու մէջ, ամէնուրեք մարդիկ տարուած էին իրենց եւ ծանօթ կամ բարեկամ շրջապատի լուման բերելու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:
«ՀայՓոսթ»ի գրասենեակը գերխճողուած էր դէպի հայրենիք դեղորայքի եւ այլ կենսական իրերու ծանրոցներ ուղարկողներու բազմութեամբ:
Այսպէս էր մեր համայնքի առօրեան անցնող տասնմէկ օրերուն: Բոլորով հայրենիքին համար՝ մեծով պզտիկով, երիտասարդով եւ տարեցով, անկախ մարդոց քաղաքական համոզումներէն եւ գաղափարական արեւելումներէն: Ազգային միասնականութեան այս ոգին էր գերիշխողը մեր համայնքին մէջ, պատերազմի առաջին իսկ վայրկեաններէն: Եւ այս ոգիով պարտաւոր ենք բոլորս շարունակել մեր գործը այսօր եւ վաղը:
Մեր ժողովուրդին համար վտանգաւոր այս պահուն թելադրութեամբ ալ կոչ կ՛ընենք մեր համայնքին՝ խուռներամ մասնակցելու յառաջիկայ օրերու բողոքի եւ դատապարտումի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս յառաջիկայ Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դէմ կատարուելիք ցոյց-հաւաքին:
In 2016, when we protested during the four days attack on Karabagh, I said and now I repeat, “If we had this unity hundred years ago, the country called Turkey would not exist today.” I repeat, Turkey is living its last victoriuous days. Just wait three years and you will believe me.