ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Յուլիսի գիշերը, Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն դիտարկուեցաւ հակառակորդի հրասայլի շարժ, որ հայկական կողմէն արձակուած կրակով կասեցուեցաւ։
Հակառակորդը 13 Յուլիսէն սկսեալ թիրախ դարձուց նաեւ բնակավայրեր։ Ատրպէյճանական զինուած ուժերը 82 մմ. տրամաչափի ականանետէ եօթը եւ 120 մմ. տրամաչափի ականանետէ 3 արկեր արձակեցին Չինարի բնակավայրին ուղղութեամբ։ Ատրպէյճան նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքով (ԱԹՍ) ռմբակոծեց Բերդի քաղաքացիական կառոյցներ. տուժողներ չկան։
Այս տեղեկութիւնները տուաւ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ, հակառակորդին արձակած կրակոցներէն նահատակուեցան հազարապետ Գարուշ Համբարձումեան, հարիւրապետ Սօս Էլբակեան, զինուորական ծառայողներ, տասնապետներ Սմբատ Գաբրէլեան եւ Գրիշա Մաթեւոսեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի «Elbit Hermes 900» անօդաչու թռչող սարքի մը խոցման տեսանիւթը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի հրամանատարական կազմի բաժանմունքի պետ, պաշտպանութեան բանակի նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ ընդգծելով, որ անիկա Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն պատկանող ամէնէն թանկարժէք եւ կարեւոր անօդաչու թռչող սարքերէն մէկն է, որ կ՛արժէ 30 միլիոն տոլար։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի Զինուած ուժերուն կողմէ խոցուած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերու թիւը կը մօտենայ 10ի:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Յովհաննիսեան գրած է հետեւեալը. «Elbit Hermes 900»ը հզօր անօդաչու թռչող սարք է, այն կրակի կառավարման համակարգ է հանդիսանում, հետախուզական ԱԹՍ է, շատ թանկարժէք է եւ Ադրբեջանի ամենամեծ ԱԹՍն է։ Երեւի սա Hermes 900ի առաջին խոցումն է նաեւ աշխարհում»: (https://www.youtube.com/watch?v=-YF-XqwGdfc&feature=emb_title)
Նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայողներու արձակած հրթիռը կը խոցէ ատրպէյճանական ԱԹՍը: Razm.info-ն նշեց, որ Ատրպէյճանի մէջ Hermes-900-ները տեղակայուած են խոր թիկունքին եւ կը գտնուին Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան (ՊՍԾ) եւ ոչ թէ բանակի հակակշիռին տակ։ Ասիկա կրնայ վկայել, որ ընթացող գործողութիւններուն մէջ, Ատրպէյճանի բանակէն բացի, ներգրաւուած է նաեւ ՊՍԾն:
Արծրուն Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը առաջին անգամ ըլլալով մարտական պայմաններու մէջ գործածած է հայկական արտադրութեան մարտական անօդաչու թռչող սարքեր:
Տարածելով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն իրականացուցած գիշերային պատժիչ գործողութիւններուն տեսանիւթը՝ ան կը գրէ հետեւեալը. «Յուլիսի 13ը կը մտնի պատմութեան մէջ որպէս հայկական արտադրութեան մարտական ԱԹՍների մարտական կիրառութեան օր: Առաջին անգամ հայկական մարտական ԱԹՍները կիրառուեցին պատերազմի ժամանակ՝ մարտական պայմաններում եւ փայլուն արդիւնքներ գրանցեցին: Կարծես նրանց հարուածի զոհ են դարձել բարձրաստիճան զինուորականներ»:
Ան այս մեկնաբանութիւնը իր էջին վրայ հրապարակած է նաեւ անգլերէնով, ռուսերէնով, արաբերէնով, պարսկերէնով, ատրպէյճաներէնով, թրքերէնով, վրացերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, սպաներէնով եւ չինարէնով։
Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակած է արբանեակային լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի Թովուզի շրջանի՝ առաջնագիծէն շուրջ 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող ատրպէյճանական Տոնտար Ղուշչու գիւղը, որուն շուրջբոլորը հրետանային մարտկոցներու դիրքեր են:
«Ադրբեջանական կողմը սեփական բնակչութեանը շրջապատել է հրետանային մարտկոցներով, դարձնելով թիրախ, ու բողոքում է, որ Հայաստանի զինուած ուժերից այդ ուղղութեամբ կրակ է արձակուել», կը նշէ Շուշան Ստեփանեան։
Պաշտպանութեան բանակի նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը կիրարկեն իրենց ձեռագիրին բնորոշ գործողութիւններ, մասնաւորաբար սեփական գիւղերուն մէջ կը թիրախաւորեն սեփական բնակչութիւնը։
Ան դիտել տուաւ, որ 14 Յուլիսին, ատրպէյճանական բանակը թիրախ դարձուցած է հայկական բնակավայրերը, յատկապէս՝ Տաւուշի Չինարի, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Պառաւաքար համայնքները, նաեւ՝ Բերդ քաղաքը ու հոն գտնուող երկու գործարաններ: Կան նիւթական վնասներ։ «Փաստացի թիրախաւորւում է խաղաղ բնակչութիւնը: Բարեբախտաբար, խաղաղ բնակչութեան շրջանում զոհեր չունենք: Հրետակոծութեան ամբողջ ընթացքում հայկական Զինուած ուժերը կատարել են իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները, լռեցրել են հակառակորդին՝ հնարաւոր բոլոր ձեւերով: Եւ հակառակորդն այս ընթացքում կիրառել է հրետանային միջոցներ, ականանետեր, կիրառուել են նաեւ տանկեր», յայտնեց ան։
Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուաւ, որ վիրաւոր քանի մը զինուորներուն կեանքը վտանգուած չէ։
Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուած ռմբակոծումներուն թիրախ դարձաւ նաեւ «Տաւուշ Տեքստիլ»ը, որուն տնօրէնը՝ Միքայէլ Եզեկեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գործարանը ո՛չ մարդկային, ոչ ալ նիւթական վնասներ ունեցած է։ «Մօտաւորապէս ժամը 11ի հատուածում 120 միլիմետրանոց տրամաչափի ականանետից 4 հարուած է եղել մեր ուղղութեամբ: Ոչ մի վնաս չենք կրել՝ ո՛չ նիւթական, ո՛չ մարդկային», նշեց ան:
«Գազպրոմ Արմենիա» ընկերութիւնը իր կարգին տեղեկացուց, որ կրակոցներէն վնասուած են վերգետնեայ կազատար ցանցեր, եւ անոր իբրեւ արդիւնք դադրեցուած է Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար գիւղերուն եւ Չինարի գիւղին մէկ հատուածի կազամատակարարումը:
«Վթարային իրավիճակի կայունացումից յետոյ կ՛իրականացուեն վնասուած գազատար ցանցերի նորոգման աշխատանքները եւ կը վերականգնուի նշուած գիւղերի գազասպառողների գազամատակարարումը», կը նշուի ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ յարաբերական կայուն վիճակ կը տիրէ։ Սահմանապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ սահմանագիծին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ պատրաստ են, անհրաժեշտութեան պարագային, ձեռնարկելու իրավիճակէն բխող համարժէք գործողութիւններու: