ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ հոգեւոր դասը 28 Մայիսին, Սարդարապատի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կերտած հերոսներուն յիշատակին:
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տօնին եւ 1918ի մայիսեան հերոսամարտին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
Պետական այրերը նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Սարդարապատի յուշահամալիրին մօտ, ապա յարգանքի տուրք մատուցեցին՝ Տէրունական աղօթքով:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի Մայիս 28ին արգիլուեցաւ քաղաքացիներուն մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիրը։