ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պիզնըս Ինսայտըր.», «Էյ․Փի․»․- Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու Ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի վարչութիւնը (FDA) արտօնած է ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէեանի Moderna Therapeutics ընկերութեան անցնիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ իր պատուաստին հետազօտման երկրորդ փուլին, որ մօտիկ ապագային պիտի սկսի, մօտաւորապէս 600 կամաւորներու մասնակցութեամբ: Երկուշաբթի օր մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան MRNA-1273 պատուաստին քննութիւններուն նախնական հանգրուանին մասին՝ ցոյց տալով, որ անիկա կրցած է ժահրին դէմ պայքարող հակամարմիններ յառաջացնել առողջապահութեան մարզի աշխատակիցներուն մօտ։
Քննութիւններուն 3րդ փուլը նախատեսուած է սկսիլ ամրան սկիզբը։
Միւս կողմէ, Եւրոպայի շարք մր երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներուն մեծ մասը սահմանափակումները մեղմացնելու քայլերը կը շարունակեն առնել, նոյն ժամանակ վարակումներու նոր բռնկումներու առաջքը առնելու կոչեր կատարելով եւ շեշտելով, որ պէտք է վարժուիլ ժահրին հետ ապրելու նոր պայմաններուն, յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն։
Իտալացիները այսօր ազատօրէն իջան փողոց եւ սրճարաններ, ճաշարաններ ու շարք մը այլ խանութներ բացուեցան: Սակայն, շատ բաներ նախկինին նման չեն եւ փողոցներուն մէջ հազուադէպ կարելի է հանդիպել առանց դիմակի քաղաքացիներու։ Համաճարակին պատճառով գրեթէ 32,000 քաղաքացիներ կորսնցուցած երկրին մէջ, երէկ արձանագրուեցան մահուան 145 պարագաներ, իսկ այսօր՝ 99, ինչ որ ամէնէն ցած ցուցանիշն էր համաճարակի բռնկումէն ի վեր: Կը նուազին նաեւ վարակումները։
Այսօրուընէ սկսեալ տնտեսութեան նոր ոլորտներ կը բացուին նաեւ Սպանիոյ, Փորթուկալի, Դանիոյ եւ Պելճիքայի մէջ, մինչ շաբաթավերջին վերսկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, առանց համակիրներու։
Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին վարակէն մահացածներուն թիւը կը մօտենայ 320,000ի (առաւել քան 91,000ը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ), իսկ վարակուածներուն թիւը՝ 4․85 միլիոնի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 1․8 միլիոն վարակուածներ։
Վարակուածներու կտրուկ աճը կը շարունակուի Ռուսիոյ, Պրազիլի եւ Պելոռուսի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու վարակուածներու առաւել քան 1․5 միլիոն պարագաներէն ետք, Ռուսիա ունի մեծագոյն թիւով վարակուածներու թիւը՝ 290,678։
Իրաքի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով որոշուած է երկիրը ութ օրով փակել, 22 Մայիսէն սկսեալ։