ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Փի․»․- 21 Ապրիլին, հանրապետականներու հակակշիռին տակ գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Հետախուզական հարցերու յանձնախումբը եւս միացաւ այն փաղանգին, որուն անդամները կը հաստատեն, որ 2016ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Ռուսիա միջամտած է, Տանըլտ Թռամփի յաղթանակը ապահովելու համար։
Յետ երկար քննարկումներու, յանձնախումբին հանրապետական ատենապետ Ռիչըրտ Պըր յայտարարեց, որ ոչ մէկ փաստ կրնայ հերքել ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն այն պնդումը, որ Մոսկուա միջամտած է, անուղղակիօրէն քննադատելով միջամտութեան վարկածը դաւադրութիւն նկատող Թրամփի համակիրները: