ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին վրայ «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) համաճարակին բացասական հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով աշխատանքային յանձնախումբին զօրակցելու համար հաստատուած է նոր կայքէջ մը. աջակցիլ փափաքողները կրնան այցելել https://ayfwest.org/covid19/ կայքէջը։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Համայնքի COVID19ի Աշխատանքային յանձնախումին մաս կը կազմեն տասնամեակներով համայնքին նուիրեալ ծառայութիւններ մատուցած՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինէն ներկայացուցիչներ: