ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլի յետմիջօրէին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին հետ:
Էրտողան պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հայ համայնքին կողմէ «Մենք ինքնաբաւ ենք» հանգանակութեան բերուած մասնակցութեան համար եւ հետաքրքրուեցաւ թրքահայ կեանքի հարցերով: Ան դիտել տուաւ, որ պետութիւնը դիւրութիւն ընծայած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի շարք մը քաղաքացիներու, որպէսզի կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը: Նոյն ատեն, Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա կը նախատեսէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ դեղորայքի օժանդակութիւն կատարել Հայաստանին:
Իր կարգին, Սահակ արք. Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին` իր նախաձեռնած հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար:
Էրտողանի եւ Շիրինօղլուի միջեւ զրոյցին ընթացքին եւս քննարկումները ծաւալեցան նոյն առանցքին շուրջ:
Հայաստանին դեղորայքի օժանդակութիւն կատարելու Էրտողանի խոստումին մասին «Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան 9 Ապրիլին ըսաւ․ «Մենք ծանօթ ենք Պոլսոյ պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի նախագահի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ մամուլի հաղորդագրութեանը: Որպէս երրորդ կողմ, ձեռնպահ կը մնայինք ոչ-պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելուց: Բոլոր դէպքերում, օրակարգում նման հարց գոյութիւն չունի»:
«Մեր արխիւները բաց են»ի ուրիշ ձեւն է այս մօտեցումը, միջեւ որ սկսի սողալ…
«Մեր արխիւները բաց են»ի ուրիշ ձեւն է այս մօտեցումը, մինջեւ որ սկսի սողալ…