ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 9 Ապրիլին, յետ քննութեան, ի յայտ եկած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու երկու պարագաներ։
Այս գծով Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ վարակուածներէն մէկը 7 Ապրիլին հաստատուած վարակակիրին հարսն է, որ 2 Ապրիլէն ի վեր արդէն ինքնամեկուսացման մէջ էր: Երկրորդ պարագան՝ Հայաստանէն Արցախ մուտք գործած Հայաստանի քաղաքացի մըն է, որուն անհատական քարտի լրացման ժամանակ պարզուած էր, որ եկած է ժահրի տարածումով բնորոշ շրջանէ մը: Ըստ յայտարարութեան՝ այդ քաղաքացին եւս, քննութեան ենթարկուելէ առաջ իսկ ինքնամեկուսացման մէջ էր, եւ յետագային պիտի տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն: