ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կիրակի, 15 Մարտի առաւօտեան այցելեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքականշ տնտեսական զարգացումները եւ ներկայ ելեւմտական տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուած միջոցները:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ աւելորդաբանութիւններէն եւ կեցուածքներ արձանագրելու մենամարտերէն հեռու մնալով է, որ կարելի կ՛ըլլայ պաշտպանել Լիբանանն եւ Լիբանանի մէջ ապրող մարդ արարածը: «Կացութիւնը դժուար է, եւ իրերօգնութիւնը` ազգային պարտականութիւն», ըսաւ Բագրատունի: