ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան 16 Մարտի արտակարգ նիստին, զոր վարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդունուեցաւ օրակարգին վրայ ներառուած որոշման նախագիծը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին»: Որոշման ընդունումը պայմանաւորուած է աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման դէպքերով եւ այդ վարակը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարին կողմէ 13 Մարտին համաճարակ որակելու հանգամանքով:
Ըստ այդմ՝ կառավարութիւնը որոշեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, 16 Մարտ 2020ի երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ 2020ի երեկոյեան ժամը 5:00 յայտարարել արտակարգ դրութիւն: Արտակարգ դրութեան իրաւական դրութիւնը ապահովող ուժերուն եւ միջոցներուն միասնական ղեկավարումը իրականացնելու նպատակով՝ պիտի ստեղծուի պարէտատուն, որուն ղեկավարման համար պարէտ պիտի նշանակուի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան:
Կառավարութեան որոշումով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կ՛արգիլուին հաւաքները եւ գործադուլերը, կը դադրեցուին պետական, համայնքային եւ ոչ-պետական հանրակրթական, նախնական մասնագիտական, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, արտադպրոցական դաստիարակութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացը, բացի հեռավար ուսուցումը:
Նիստին աւարտին, Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ քննարկած «Քորոնա» ժահրին պատճաոով ստեղծուած վիճակը: «Մինչ այս պահը Արցախում կորոնավիրուսի ոչ մի դէպք չի արձանագրուել: Կոչ ենք անում մեր քաղաքացիներին Արցախից Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեւորվել միայն բացառիկ անհրաժեշտութեան դէպքում», յայտնեց վարչապետը: