ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց Առողջապահական գործօնով պայմանաւորուած ծնելիութեան բարելաւման ծրագիրը եւ ծրագիրին գործադրութիւնը ապահովող 2020-2023ի քայլերը: Փաստաթուղթին մշակման համար հիմք ծառայած են վերջին տարիներու ծնելիութեան, բնական աճի, վերարտադրողական առողջութեան վերաբերող պաշտօնական եւ այլընտրանքային հետազօտութեան տուեալները, համաձայն որոնց, Հայաստանի մէջ կայ ժողովրդագրական ցուցանիշներու վատթարացում եւ ստեղծուած է անբարենպաստ ժողովրդագրական իրավիճակ, մասնաւորաբար՝ ծնելիութեան ցած, նոյնիսկ պարզ վերարտադրութիւն չապահովող մակարդակ: Ծնելիութեան գումարային գործակիցը 2018ին եղած է 1.57, մինչդեռ պարզ վերարտադրութեան համար գործակիցը պէտք է ըլլայ 2.1 եւ աւելի:
Ըստ այդմ՝ կ՛առաջարկուի օրէնքով ամրագրել բնակչութեան որոշ խումբերու ներգրաւման, վերարտադրողական խանգարումներու կանուխ յայտնաբերման եւ բուժման նպատակով պետութեան կողմէ երաշխաւորուած ծառայութիւններու տրամադրման կարգը եւ պայմանները:
Իբրեւ արդիւնք՝ կ՛ակնկալուի բարելաւել դեռահասներու եւ երիտասարդներու վերարտադրողական առողջութիւնը եւ կանխարգիլել վերարտադրողական ու մնայուն կորուստները: