ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին՝ Կիրակի, 8 Մարտին, կ.ե. ժամը 4ին, տեղի պիտի ունենայ 1885էն 1915ի միջեւ դէպի Հիւսիսային Ամերիկա հայութեան գաղթին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Օրուան բանախօսն է՝ պատմաբան դոկտ. Տէյվիտ Կութմըն, որ այս նիւթին նուիրուած՝ The Politics of Armenian Migration to North America, 1885-1915 հատորին հեղինակն է։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ տան» «Շին» մատուռին մէջ, որուն հասցէն է՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (747) 500-7585 թիւին կամ Eskijian@Ararat-eskijian-museum.com հասցէին: