
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 3 Մարտին տեղի ունենալիք Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի ընտրութիւներուն ընթացքին նեցուկ պիտի կանգնի կրթաշրջանի վարչութեան մէջ 3րդ ընտրատարածքը ներկայացնելու համար իր թեկնածութիւնը դրած Սքաթ Շմերըլսընի ընտրապայքարին։
Այս որոշումին յանգելէ առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անոր Կրթական յանձնախումբէն անդամներ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Շմերըլսընի հետ։
«Տարիներէ ի վեր Շմերըլսըն նեցուկ կանգնած է Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներու շարունակութեան եւ զանոնք ընդարձակելու ջանքերուն, նոյն ժամանակ օժանդակելով այդ նպատակով ուսուցիչներու աշխատանիսերու կազմակերպման», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ ան հայութիւնը յուզող այլ հարցեր եւս ջատագոված է։
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի 3րդ ընտրատարածքի սահմաններուն մէջ կ՛իյնան շարք մը հայահոծ շրջաններ, ինչպէս՝ Վեն Նայս, Ռըսիտա եւ Նորթ Հոլիվուտ։
Շմերըլսըն իրենց համար մեծ պատիւ կը համարէ Հայ Դատին ցուցաբերած զօրակցութիւնը, միաժամանակ դրուատելով հայ աշակերտներուն, ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն եւ համայնքին ի նպաստ Հայ Դատի յանձնախումբին տարած օգտաշատ աշխատանքը եւ աւելցնելով, որ Հայ Դատի սպասարկութիւններէն կ՛օգտուին նաեւ ոչ հայ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։
Վերոյիշեալ հանդիպումին ընթացքին, Շմելըրսըն խոստացաւ լաւագոյնը տալ հայ աշակերտներուն շահերը պաշտպանելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ շրջանի ուսուցիչները իրենց տրամադրութեան տակ ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նիւթեր եւ միջոցներ, շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու համար ուսուցիչներու յատուկ յաւելեալ աշխատանիստեր կազմակերպելու կարեւորութիւնը։