ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան տուեալներուն համաձայն՝ ամերիկացի զինուորներ Իրաքի մէջ «Այն Ասատ» օդուժի ռազմակայանին վրայ իրանեան յարձակումին ընթացքին վիրաւորուելէ ետք, դարմանումի համար փոխադրուած են Գերմանիա:
Յատկանշական է, որ յարձակումէն ետք ամերիկեան կողմը յատարարած էր, որ իրանեան յարձակումները մարդկային վնասներ չէին պատճառած, իսկ Թեհրան յայտնած էր, որ սպաննուած են քանի մը տասնեակ ամերիկացի զինուորներ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան բանբեր Պիլ Օրիըն 22 Յունուարին յայտնեց. «Դարմանումի շարունակութեամբ յայտնաբերուեցան ծառայութեան մէջ եղող յաւելեալ անդամներ, որոնք հաւանական վէրքերէ կը տառապին: Նկատի ունենալով նշմարուած վէրքերուն բնոյթը, հաւանական է որ ապագային եւս վիրաւորներ յայտնաբերուին», ըսաւ ան:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը առաջին անգամ անցեալ Հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ 8 Յունուարին կատարուած իրանեան յարձակումին պատճառով 11 ամերիկացի զինուորներ վիրաւորուած են՝ աւելցնելով, որ անոնցմէ շատերը պայթումներուն պատճառով ուղեղային ցնցում ունեցած են: