Այլեւս վարժուած ենք, որ ամէն տարի, Ս. Ծննդեան տօնի օրը, միջադէպ մը արձանագրուի կամ վիճաբանութիւն տեղի ունենայ Բեթղեհէմի մէջ, ուր Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը տաղաւար առաջին տօնը կը նշէ հայոց հին տոմարով՝ 18-19 Յունուարին։ Այս անգամ ալ նոյնը պատահեցաւ սուրբ հողերուն վրայ ու հայ եւ յոյն հոգեւորականներու միջեւ ծեծվռտուք մը պատահեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տաճարի շրջափակին մէջ։ Միջադէպին մասին տեղեկութիւններ տուաւ Երուսաղէմի միաբանութենէն Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան։ Ան նշեց որ 18 Յունուարին, հերթական միջադէպ պատահեցաւ հայ ու յոյն հոգեւորականներու միջեւ։ Յոյները պահանջեցին, որ խնկարկութեան ժամանակ Ս. Ծննդեան տաճարէն դուրս հանուին հայկական սրբապատկերը, աւետարանը եւ մոմակալները, բայց հայ հոգեւորականները մերժեցին անոնց պահանջը։ Ահաւասիկ այդ պահանջը կռիւի պատճառ դարձաւ։
Կորիւն վարդապետ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը յիշեցնէ որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ըստ «սթաթիւս քօ»ի (ընդունուած իրավիճակ-Խմբ.), իրաւունք ունի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը նշելու Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին մէջ։
Եւ կրկին նոյն իրաւունքով երեք համայնքներուն ¤հայ, յոյն եւ լատին) կողմէ նախապէս պատրաստած ծրագիրին համաձայն, 18 Յունուարի առտուան ժամը 11ին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը, նախագահութեամբ պատ-րիարք հօր եւ մասնակցութեամբ ուխտաւոր ժողովուրդին, հանդիսաւորապէս մուտք կը գործէ Ս. Ծննդեան տաճարը։
Հայոց Ս. Ծննդեան տօնին օրը, Ծննդեան Այրը 24 ժամ կը պատկանի հայերուն։ Ս. Այրի խորանին վրայ կը զետեղուին հայկական սրբապատկերներ, աւետարան եւ երկու մոմակալներ։
«18 Յունուարին, հայոց Ճրագալոյցի պատարագէն ետք, յոյները իրաւունք ունին Ս. Այրին մէջ խնկարկութիւն ընելու։ Այս տարի սակայն, անոնք պահանջեցին, որ իրենց խնկարկութեան ժամանակ հանուին Ս. Այրի հայկական սրբապատկերը, աւետարանը եւ մոմակալները, որպէսզի յունականները զետեղուին անոնց տեղ։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը մերժեց այդ պահանջը, եւ կռիւ ծագեցաւ», ըսաւ հայր Կորիւնը։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին եւ Պաղեստինի առաջնորդ Մահմուտ Ապպասի անձնական խնդրանքին ընդառաջելով՝ արտօնութիւն տրուած էր, որ միայն 2020ի համար յոյները իրենց խնկարկութեան ժամանակ իրենց սրբապատկերը բռնէին Սուրբ Այրի խորանին առջեւ, առանց հայոց սրբապատկերը, աւետարանը եւ մոմակալները վերցնելու։
«Խնկարկութեան ժամանակ ոստիկանները բռնեցին յոյներու սրբապատկերը, որ խնկարկութենէն անմիջապէս ետք դուրս հանուեցաւ Սուրբ Այրէն», դիտել տուաւ Կորիւն վարդապետը։ Ան կարեւորութեամբ ընդծեց, որ 18 Յունուար 2020ին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ իրաւունքի խախտում չէ եղած, որովհետեւ համաձայնութիւնը եղած է միայն 2020ի համար։
Տօնէն ետք կողմերը ժողով պիտի գումարեն եւ հարցը պիտի լուծեն՝ հիմնուելով ներկայացուած փաստաթուղթերուն վրայ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»