ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող Հայաստանի խումբին մասնագէտները 16 Յունուարին, Հալէպի հիւանդանոցին փոխանցեցին դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: Այս մասին յայտնեց Մարդասիրական առաքելութեան ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:
Սուրիական կողմը անգամ մը եւս անդրադարձաւ հայկական մարդասիրական առաքելութիւն կատարող խումբի գործունէութեան կարեւորութեան եւ երախտագիտութիւն յայտնեց:
Նշենք, որ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբին բժիշկները 8 Փետրուար 2019էն մինչեւ 6 Յունուար 2020 հետազօտած եւ բուժած են 13 հազար 680 հիւանդներ, իսկ սակրաւորները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:
Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի։