Հինգշաբթի, 9 Յունուարին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ առաջին տիկին Ասմա Ասատ նախագահական պալատին մէջ ընդունեցին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ու Ազգային Միացեալ վարժարանի ներկայացուցիչները:
Հանդիպումը առիթ էր Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանին հանդէպ նախագահին եւ առաջին տիկնոջ ցուցաբերած օժանդակութեան ու վերաշինութեան համար շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու։ Հանդիպման շեշտը դրուեցաւ հայերէնի եւ հայ ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:
Պատուիրակութիւնը վարժարանին նշանակը պարունակող արծաթէ յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Արմէն Ուրֆալեան, Պօղոս Խաճարեան, Սարգիս Քիւրտեան եւ Սանոսեան ամոլը: