ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- N զօրամասի զինանոցին մէջ, 4 Նոյեմբերին, երկոյեան ժամը 7:30ի շուրջ, յայտնաբերուեցաւ պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Էրիկ Արարատի Յարութիւնեանը՝ կզակէն վիրաւորուած: Զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ Է. Յարութիւնեան մահացաւ։ Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Յարուցուած է քրէական գործ եւ կը կատարուի նախաքննութիւն։