ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի։ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Մենք գտնում ենք, որ ՀԱՊԿը մեր տարածաշրջանում կայունութեան եւ անվտանգութեան համար կարեւոր գործօն է: Մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս ՀԱՊԿ շրջանակներում մեր համագործակցութեան բոլոր երեք ուղղութիւններին: Առաջին հերթին ներքաղաքական կօօրդինացիան (համադրութիւնը-Խմբ.) է, ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնն է եւ, ի հարկէ, անվտանգութեան ոլորտում մեր միասնական մօտեցումն է ընդհանուր վտանգներին: Վտանգները, ցաւօք, նոյնպէս զարգանում եւ փոխւում են, եւ մենք պէտք է ադեկուատ լինենք (հարմարինք-Խմբ.) այդ վտանգներին: Մեր կառոյցը պէտք է համապատասխանի այն իրողութիւններին, որոնք գոյութիւն ունեն տարածաշրջանում, աշխարհում, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մենք բաւականին կառուցողական համագործակցում ենք Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները կրցած են համաձայնութիւն գոյացնել կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցին մէջ, եւ նշեց, որ հետագային նման խնդիրներէ խուսափելու համար հարկաւոր է որոշակի իրաւական փոփոխութիւններ մտցնել ՀԱՊԿի կարգաւորումներուն մէջ:
Ռուսիոյ Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ երեւանեան հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿի միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, օրէնսդրութիւնները ներդաշնակ դարձնելու, տարածաշրջանի մարտահրաւէրները միացեալ դիմագրաւելու վերաբերող շարք մը հարցեր: Ան կարեւոր նկատեց ՀԱՊԿի միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումը եւ ներկայացուց այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն ընթացքը:
Վարչապետը ողջունեց միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումը եւ յայտնեց, որ անիկա կը բարձրացնէ կազմակերպութեան հեղինակութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ ո՛չ միայն ներկայ, այլ նաեւ նոր յառաջացող մարտահրաւէրներուն ժամանակին արձագանգումը եւ այդ ուղղութեամբ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ համակարգուած փոխգործակցութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը շեշտեց նաեւ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու միջեւ միջազգային հարթակներու վրայ ներդաշնակ եւ կառուցողական գործակցութիւնը՝ հաշուի առնելով փոխադարձ շահերն ու դիրքորոշումները։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերուն, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին վերաբերող հարցերու: