ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հանրապետութեան երրորդ քաղաքին՝ Վանաձորի հիմնադրութեան 191ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի բացում:
Անիկա տեղադրուեցաւ քաղաքի այն հատուածին մէջ, ուր կը սկսի զօրավար Անդրանիկի անունը կրող փողոցը: Արձանը կառուցուած է 2019ին՝ համաժողովրդական նուիրատուութիւններով, «Ինտերկապ» բարեսիրական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վանաձորի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: