12 Հոկտեմբերին, Fondation Kurde Du Quebec քրտական կազմակերպութեան կողմէ Մոնթրէալի քաղաքամէջը կազմակերպուած ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Մոնթրէալի հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններ: Ցոյցին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, որ դատապարտեց թրքական յարձակումը եւ Անգարայի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը: