Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, մերթ ընդ մերթ թատերական ներկայացումներով հանդէս եկած է, սակայն չէր կրցած ունենալ թատերախումբ մը, որ հետեւողական ելոյթներ հրամցնէ գաղութին:
Վերջին փորձը՝ Ատրիանա Սեւան Նիքըլզի «Գիշեր Երզնկայի Վրայ» գործի ներկայացումը, ներգրաւեց հանդիսատէսը: Մասնաճիւղին 2018ի ընդհանուր անդամական ժողովը որոշեց հետեւողական ելոյթներով եւ նոր բեմադրութիւններով հիմը դնել թատերախումբի մը:
Առ այդ, վարչութիւնը կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը: Հրաւիրուեցաւ արհեստավարժ բեմադրիչ մը, որուն շուրջ հաւաքուեցան թատերական փորձառութիւն ունեցող խումբ մը նուիրեալներ:
Այսպէս, կեանքի կոչուած է, մեծանուն թատերագիր Լեւոն Շանթի անունը կրող Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի թատերախումբը, որուն բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Վարդան Գառնիկի Յովհաննիսեան:
Անդրանիկ ելոյթին համար, ընտրուած են երկու կատակեր-գութիւններ:
Առաջինը՝ Գէորգ Յարութիւնեանի «Շրթներկ Թիւ 4» գործն է, որ վաթսունականներուն, Երեւանի մէջ նկարուած է նաեւ իբրեւ ժապաւէն, իսկ երկրորդը՝ Պոլսոյ մէջ, 1880ականներուն հրապարակուող «Լոյս» պարբերաթերթին մէջ տպուած Յակոբ Պարոնեանի երգիծական յօդուածներով պատրաստուած «Վալսին Վեցերորդ Ոտքը…» գործն է, որուն մշակման հեղինակն է նոյնինքն բեմադրիչ Վարդան Յովհաննիսեան:
Յառաջիկայ ամիսներուն, թատերախումբը արդէն իսկ ծրագրած է բեմ բարձրանալ նոր բեմադրութիւններով: Յոյսով ենք, որ նորաստեղծ «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը յաջողութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները եւ երիտասարդութեան մօտ ստեղծէ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ