ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 72րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄի կառոյցի 26 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դիտորդներ:
Յաջորդող օրերուն ընթացքին, ժողովը պիտի քննարկէ օրակարգով ճշդուած կազմակերպական, վարչական, ներքին եւ հանրային յարաբերութեանց, ՀՕՄի միաւորներու եւ քարոզչութեան մարզերու, ՀՕՄի համահայկական բնոյթով ծրագիրներէն որբերու խնամակալութեան, ՄԱԿի աշխատանիստերուն, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, Ջաւախքի հայութեան իրավիճակին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, մեկուսի մասնաճիւղերէն եւ պատգամաւոր ընկերուհիներէն ներկայացուած առաջարկները։