ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Քորէայի աւագ բանագնացը յայտարարեց, թէ իր երկրին եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Շուէտի մէջ, հիւլէական թղթածրարին շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ձախողած են: Ան նաեւ «մինչեւ տարեվերջ» պայմանաժամ տուաւ Ուաշինկթընին, որ փոփոխութեան ենթարկէ Հիւսիսային Քորէայի նկատմամաբ իր քաղաքականութիւնը։
Մինչ այդ, Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Հիւսիսային Քորէայի հետ «լաւ բանակցութիւններ» տեղի ունեցան: