ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտուլմահիի՝ կացութեան հանդարտեցման կոչին, անկարգութիւնները տարածուեցան ամբողջ Իրաքի տարածքին եւ 7 Հոկտեմբերին, զոհերուն թիւը 100ի սահմանը անցաւ։
Վարչապետը յայտնեց, որ կը հասկնայ հասարակութեան յուսախաբութիւնը, սակայն կարելի չէ ձգտումները իրագործել մէկ տարուան մէջ եւ Իրաքի հարցերուն «կախարդական լուծումներ» չկան: Ան խոստացաւ բարեփոխումներ կատարել, սակայն անոր խոստումը ցուցարարներուն ձաղկումին արժանացաւ:
Անցեալ Երեքշաբթի օր ընթացք առած բիրտ ցոյցերը օրէ օր մագլցում արձանագրեցին եւ տարածուեցան ամբողջ երկրին մէջ՝ առանց կազմակերպուած քաղաքական որեւէ խմբակի բացայայտ զօրակցութեան, անակնկալի մատնելով իշխանութիւնները: