ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 2020 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան 25ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է՝ հանդիսաւոր կերպով նշելու համար վեհափառին 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնը եւ ծառայութիւնը:
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Սեդա Խտըշեան:
Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ վեհափառ հայրապետին 25ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները: