Լրագրողներ առանց սահմաններու իրաւապաշտպան կազմակերպութեան մէկ տեղեկագիրին համաձայն, այս տարուան Ապրիլ, Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 14 լրագրողներ, իսկ դատարանին առջեւ կանգնած են 213 ուրիշներ։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ 10 լրագրողներ ենթարկուած են յարձակումներու։ Լրագրողներու դէմ արձակուած դատական որոշումներով՝ 70 անձեր դատապարտուած են 493 տարուան բանտարկութեան, իսկ 197 լրագրողներու համար դատախազութիւնը պահանջած է ծանր պայմաններով ցմահ բանտարկութեան պահանջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.