ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան մայրաքաղաքի աղբահանութեան ոչ պատշաճ կատարման պատճառը կը նկատէ այն, որ «Սանիթեք» ընկերութիւնը չի կրնար իր պարտականութիւնները կատարել։ Ան այս մասին տեղեկացուց վարչապետ Փաշինեանին, որուն հետ հանդիպում ունեցաւ 13 Օգոստոսին։ Ըստ քաղաքապետին, ընկերութիւնը կը թերանայ իր գործին մէջ, թէեւ քաղաքապետարանը իր պարտաւորութիւնները միշտ կատարած է: «Մեր պարտականութիւնների մէջ մտնում է գումար փոխանցելը եւ իրավիճակը վերահսկելը: Փոխանցման ենթակայ գումարը միշտ մի կողմ է դրուած եղել եւ ժամացոյցի պէս փոխանցուել է», ըսաւ Մարութեան:
Ըստ անոր՝ կնքուած համաձայնագիրը բաւական լաւ ու հաւասարակշռուած է, եթէ երկու կողմերը յարգեն զայն։
Մարութեան նշեց, որ ընկերութիւնը ձախողութեան պատճառներէն է նաեւ այն, որ անիկա չի տիրապետեր այդ ոլորտին եւ չունի անհրաժեշտ սարքերը։
Այս հարցին մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Յովհաննիսեան, որ ըսաւ, թէ «Սանիթեք» ընկերութիւնը 2018ի Յունուար-Սեպտեմբերին պետական պիւտճէին չէ վճարած շուրջ 580 միլիոն դրամ:
«Բացի այդ, քրէական գործով կատարուած նախաքննութեան ընթացքում պարզուել է, որ «Սանիթեք» ՍՊԸ հայաստանեան մասնաճիւղի եւ «Սանիթեք Ինթըրնեշընլ» ՍՊԸի կողմից չեն ներկայացուել 2018թ. բնապահպանական հարկի եւ բնօգտագործման վճարի միասնական հարկային հաշիւները», նշեց Յովհաննիսեան: