ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 1 Յուլիս 2019ի դրութեամբ, 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը նուազած է 8200ով։
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ երկրի մնայուն բնակիչներուն թիւը, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին կազմած է 2,969,800, այս տարի այդ թիւը կազմած է 2,961,600 անձեր։
1 Յուլիս 2017 թուականի դրութեամբ Հայաստանի մէջ մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած են 2,979,900 անձեր, այսինքն՝ 2018ի նոյն ժամանակաշրջանի դրութեամբ երկիրը լքած են 10,100 անձեր։