ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ-Արմէնիա»ն 30 Յուլիսին Ճիպրալթարի մէջ կատարեց ֆութպոլի ակումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումը, 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ 1-0) յաղթանակ մը արձանագրելով մրցումը հիւրընկալող «Լինքըն Ռետ Իմփս» խումբին դէմ։
Նշենք, որ Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը Երեւանի մէջ, մէկ շաբաթ առաջ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ իր երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ կրցաւ ապահովել երրորդ հանգրուանի իր տոմսը։
30 Յուլիսի մրցումին 46րդ վայրկեանին, նիճերիացի յարձակող Լուիս Օկանա նշանակեց մրցումին առաջին կօլը։ Ան մրցումին արդիւնքը կրկնապատկեց 58րդ վայրկեանին, իսկ հիւր կազմին որբ կօլը նշանակեց Անթոնի Հերնանտեզ (74րդ վայրկեանին)։