ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մերձմոսկովեան «Ալաբինօ» զօրավարժարանին մէջ Յուլիս 31ին տեղի ունեցաւ «Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարի «Դաշտային խոհանոց» մրցաձեւի մասնակցութեան վիճակահանութիւնը:
ՀՀ զինուած ուժերը ներկայացնող խոհարար-զինուորները առաջին փուլին պիտի մրցին Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հարաւ Ափրիկեան Հանրապետութեան խումբերուն հետ: