ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, 12 Յուլիսին, Երեւանի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ նոր 250 մեկաուաթ հզօրութեամբ կազով բանելու կոչուած ելեկտրակայանի կառուցման շինարարական աշխատանքներուն, զորս կը կատարէ իտալական «Ռենկօ» ընկերութիւնը:
Ծրագիրը իրականացնելու նպատակով նախատեսուած է ներդրել շուրջ 250 միլիոն տոլար: Ներդրումային ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են իտալական պետական «ՍԻՄԵՍԹ» եւ գերմանական «ՍԻՄԵՆԶ» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ կարգ մը միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններ: Կայանին կառուցումը կը նախատեսուի աւարտել աշխատնքներու մեկնարկէն 26 ամիս ետք: Սկզբունքով, անոր արտադրած ելեկտրականութեան արժէքը աւելի նուազ պիտի ըլլայ՝ 27.4 դրամ 1 քիլոուաթ/ժամի համար, որ 1-1.5 դրամով աւելի աժան է։
Վարչապետին բացատրուեցաւ, որ շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ պիտի ներգրաւուին 1000-1200 անձեր՝ 250-300 հազար դրամ միջին աշխատավարձով, իսկ երբ անիկա սկսի գործելու, պիտի ստեղծուի շուրջ 230 աշխատատեղ: Կայանին օգտակար գործողութեան գործակիցը կը նախատեսուի հասցնել 53 տոկոսի:
Նոր արտադրուող հզօրութիւնը ելեկտրականութեան համակարգին մէջ պիտի օգտագործուի նաեւ տարածաշրջանային ծրագիրներու, մասնաւորապէս Հայաստան-Իրան կազ-ելեկտրականութիւն փոխանակման ծրագիրին մէջ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնաժողովի նախագահ Գարեգին Բաղրամեան ըսաւ, որ նոր կայանը կը կառուցուի Հրազդանի ջրելեկտրակայանը փոխարինելու համար, որովհետեւ անիկա արդէն հին կայան է, եւ օգտակար գործողութեան գործակիցը ցած է:
«Այդ կայանին 1-2 տարուայ ռեսուրս է մնացել։ Հրազդանի ՋԵԿը հոսանք արտադրում է գրաֆիկի պիկերը ծածկելու ժամանակ, երբ չի բաւարարում ընդհանուր էլեկտրաէներգիան: Դրա տուած հոսանքը բաւականին թանկ է, եւ միայն վառելիքային բաղադրիչը 31.5 դրամ է, որն արդէն 4 դրամով աւելի է», յայտնեց ան։
Գարեգին Բաղրամեան շեշտեց, որ նոր կայանը շուրջ 4 տոկոսով աւելի բարձր կարողութիւն ունի, որ կը նշանակէ, թէ 1 քիլոուաթ/ժամ ելեկտրականութիւն արտադրելու համար կը վատնուի աւելի քիչ վառելանիւթ, որուն պատճառով ալ ելեկտրականութիւնը աւելի աժան կ՛ըլլայ։