ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 Յուլիսին հիւրընկալեց Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարած Հայաստանի մասնագէտներու առաջին խումբի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ առաքելութիւնը բարեյաջող կատարելնուն համար:
«Այս տարուայ Փետրուարին Հայաստանի կառավարութիւնը Սիրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ շատ կարեւոր որոշում կայացրեց, որն, ի հարկէ, բազում քննարկումների առիթ դարձաւ՝ ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական, աշխարհաքաղաքական: Բայց, այնուամենայնիւ, ուզում եմ ընդգծել, որ այդ առաքելութեան ամենակարեւոր եւ թերեւս միակ բովանդակային կողմը դա մարդասիրական առաքելութիւնն է», նշեց ան:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս առաքելութիւնը նոյնիսկ պատմական կը նկատուի, որովհետեւ անիկա հայու ազգային յարգանքի, տուրքի մատուցումն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր հայրենակիցներուն ապաստան տուած է:
Վարչապետը թիւերով ներկայացուց առաքելութեան ընթացքին արձանագրուած արդիւնքը՝ ականազերծուած է շուրջ 27 հազար 510 քմ. տարածք, վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերուած է 241 հիւանդներու, բուժուած են 626 քաղաքացիներ, կատարուած են 1067 տարրալուծարանային քննութիւններ։
«Ի հարկէ, մեր առաքելութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ է զբաղեցնում նաեւ Հալէպի մեր հայրենակիցների անվտանգութեան ապահովումը, նաեւ Հալէպի հայկական մշակութային ժառանգութեան անվտանգութեան ապահովումը: Սա նաեւ խորհրդանիշն է այն բանի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն, ի վերջոյ, տէր է հայ ժողովրդի թողած մշակութային ժառանգութեանը ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնում, այլեւ նրա տարածքից դուրս», շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ան դիտել տուաւ, որ շատ բարձր կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, զոր այս առաքելութեան իրականացման ընթացքին ցուցաբերած է Ռուսիան: «Եւ շատ կարեւոր եմ համարում, որ բոլորովին վերջերս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՄԱԿի կենտրոնակայանից ստացել է պաշտօնական նամակ, որով Միացեալ Ազգերի Կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեանը շնորհակալութիւն է յայտնում Սիրիայում հումանիտար առաքելութիւն իրականացնելու կապակցութեամբ: Սկսած սիրիական ճգնաժամի ծագումից, բռնկումից, Հայաստանի Հանրապետութիւնն անտարբեր չի եղել Սիրիայի բարեկամ ժողովրդի եւ պետութեան ճակատագրի նկատմամբ: Այս ընթացքում 2016թ., 2017թ., 2018թ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հումանիտար օգնութիւն է ուղարկել Սիրիա, եւ մենք, ի հարկէ, մեր դիրքորոշումը շատ յստակ ենք գծագրել, մենք Սիրիային եւ նրա ժողովրդին ցանկանում ենք խաղաղ կեանք, ցանկանում ենք, որպէսզի ճգնաժամն օր առաջ յաղթահարուի եւ ցանկանում ենք, որ սիրիացի ժողովուրդն օր առաջ վերադառնայ խաղաղ կեանքի», նշեց Փաշինեան:
Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց մարդասիրական առաքելութիւն կատարած խումբի անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց ներկայիս Սուրիոյ մէջ նոյն առաքելութեան լծուած հայրենակիցներուն, բժիշկ մասնագէտներուն, սակրաւորներուն եւ միւս մասնագէտներուն:
«Ուզում եմ ընդգծել, որ ահա այս վերաբերմունքը եւ դիրքորոշումը Սիրիայի Արաբական Հանրապետութեան, սիրիացի բարեկամ ժողովրդի նկատմամբ չի փոխուելու, եւ մենք ամէն ինչ կ՛անենք մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու ճգնաժամի կարգաւորմանը, առաջին հերթին ես նկատի ունեմ հումանիտար ճգնաժամը, որովհետեւ ինչպէս արդէն ասացի, մեր առաքելութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն է», շեշտեց Փաշինեան։