ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ՝ քննարկելու համար երկրին մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Այս պարունակին մէջ, 24 Յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան հետ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում մը, որուն Դաշնակցութեան կողմէ կը մասնակցէին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեան: Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կողմէ հանդիպումին կը մասնակցէին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան, ատենադպիր Սուրէն Սարգսեան, վարչութեան անդամ Վահէ Դարբինեան եւ ՌԱԿ «Ալեք Մանուկեան» ակումբի ատենապետ Արմէն Սաքապետոյեան:
ՌԱԿի Կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ երկրի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը, մասնաւորապէս՝ որոշ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու վերաբերող առաջարկներ, Սփիւռքի մէջ երկու կուսակցութիւններուն ցանցային համակարգի աշխուժութեան, Արցախի անվտանգութեան, ազգային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ վերջերս լուսարձակի տակ գտնուող՝ Հայաստանի դատական համակարգի փոփոխութիւններու հարցերը:
Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը կանոնակարգել, հանդիպումները դարձնել շարունակական եւ օրակարգային որոշ հարցեր քննարկել մասնագիտական աշխատանքային խումբերու միջոցով: