

ԵՐԵՒԱՆ.- Որքան յուզառատ, նոյնքան ալ ներկայացուցչական էր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցի 2018-19 ուսումնական տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 13 Յունիսին:
Դպրոցի դահլիճին մէջ հաւաքուած էին օրուան 31 հերոսները դէպի կեանք ճանապարհելու եկած ուսուցիչները, ծնողները, բարձր դասարանցիները, ԱՀԱԸի եւ Հայաստանի աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավարները, դպրոցի հիմնադիրները եւ հոգաբարձութեան անդամներու ներկայացուցիչները, մեծ թիւով արտերկրի հիւրեր, Հայաստանի մէջ Աւետիսեան դպրոցին հետ համագործակցող տեղական, միջազգային եւ արտասահմանեան կառոյցներու, ուսումնական հաստատութիւններու, ստեղծագործական, գիտահետազօտական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախ ամպիոնին մօտեցաւ դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեան: Շրջանաւարտներուն ողջերթի սրտագին խօսք եւ բարի խորհուրդներ յղելէ ետք, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ամերիկահայ բարերարներ Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեաններուն (որոնք այս տարի կամքէ անկախ պատճառներով չէին կրցած գալ Երեւան), Պիլէզիքեան ընտանիքին եւ միւս բարերարներուն, ԱՀԱԸին՝ ի դէմ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, Հայաստանի ԱՀԱԸի ներկայացուցչութեան՝ ի դէմ տնօրէն Յարութ Ներսէսեանի, բոլոր բարեկամ եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն եւ, անշուշտ, հանդիսութեան ներկայ ծնողներուն՝ Աւետիսեան դպրոցի տեսլականին հաւատալնուն, անոր վստահելնուն, ուսման երկար ու ձիգ տարիներուն միշտ դպրոցի կողքին ըլլալնուն համար:
Մելանիա Գեղամեան իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Թող ձեր մեծ նաւարկութեան կողմնացոյց դառնան գիտելիքն ու սէրը»:
Մեծ կեանքին մէջ յաջող նաւարկութիւն ունենալու, ճշմարտացի ճանապարհով քալելու, «նոր ու հզօր» հայրենիքը շենցնելու հայրական մաղթանքով, շրջանաւարտներուն ողջերթի խօսք ուղղեց ԱՀԱԸի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան:

Օրուան բանախօսն էր Պիլէզիքեան ընտանիքի ներկայացուցիչ Տորին Պիլէզիքեան: Անոր ուղերձը քաջալերող եւ խորախորհուրդ պատգամ էր հայ պատանիներուն՝ կեանքի խաչմերուկներուն դարանամուտ վտանգներու, դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու առջեւ չընկրկելու, չընկճուելու, ճանապարհը աներկիւղ շարունակելու մասին:
Յանուն շրջանաւարտներուն՝ անգլերէնով շնորհակալական խօսք ուղղեց Աննա Գալստեան: Ապա, հանդիսաւոր եւ յուզիչ պահուն, ոտքի կանգնեցան շրջանաւարտները իրենց դասատուներուն՝ Գ. Յարութիւնեանի եւ Ն. Մարգարեանի հետ մէկտեղ: 31 գլխարկներ միաժամանակ օդը բարձրացան եւ 31 անուններ մէկ առ մէկ բեմ կանչուեցան, դպրոցի տնօրէն Գեղամեանէն, ԱՀԱԸի գործադիր տնօրէն Խանճեանէն եւ բարերար Երուանդ Չէքիճեանէն ստանալու իրենց վկայականները:

Ջերմ մթնոլորտը շարունակուեցաւ դպրոցի լուսաւոր ճեմասրահին մէջ՝ հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ:
Հակառակ լեզուի, բնակութեան վայրի, մասնագիտութեան եւ զբաղումի տարբերութեան՝ Աւետիսեան դպրոցի կամարներուն ներքեւ հաւաքուողները շատ ըսելիք ունէին իրարու:
(Թղթակցութիւնը՝ ԱՀԱԸէն)